2011-11-29 10:40:52

Լիբանանու Վարչապետ` Միքաթին Այցելեց Պենետիկտոս ԺԶ։


Երէկ 28 նոյեմբեր Վատիկանի մէջ Պենետիկտոս ԺԶ. պապը երէկ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ համայնքին իրավիճակը, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:
Շուրջ 35 վայրկեան տեւած դռնփակ հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի սրբազան պապին յանձնեց Լիբանան այցելութեան հրաւէր մը, որուն իբրեւ պատասխան Պենետիկտոս ԺԶ. պապը յայտնեց, որ ինք կը միտի յառաջիկայ տարուան աշնան այցելել Լիբանան:
Պապը ընդգծեց նաեւ, որ ինք համոզուած է, որ Լիբանան աշխարհի բոլոր երկիրներուն միջեւ պիտի շարունակէ մնալ պատգամի երկիրը, որուն համար ինք աղօթք պիտի բարձրացնէ առ Աստուած:
Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ Լիբանան կրնայ թռիչք առնել իր քրիստոնեայ եւ իսլամ թեւերով: Ան կոչ ուղղեց միասնական գործակցութեան կամքը հզօրացնելու եւ հանդուրժողականութեան սկզբունքին հետեւելու: Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ քրիստոնեայ համայնքին զաւակներուն Լիբանանէն արտագաղթը երբեք կրօնական հարցերու հետ չէ կապուած, այլ` տնտեսական դաժան պայմաններու:
Պապին եւ վարչապետին միջեւ հանդիպումէն ետք, Պենետիկտոս ԺԶ. ընդունեց Միքաթիի տիկիկինը եւ տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:
Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Վատիկանի պետական քարտուղար կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի եւ արտաքին գործոց նախարար գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Կարտինալ Պերթոնէն լւ գերապայծառ Մամպերդին շեշտեցին, որ Վատիկան մտահոգ է Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութեամբ` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է հանդարտեցնել Միջին Արեւելքի տաքնապալից այս վիճակը:








All the contents on this site are copyrighted ©.